2016-05-20 10:09:00

Նշանակուած է Սուրբ Երկրի նոր Պահակը յանձին` Եղբայր Ֆարնչեսքօ Փաթթոնի։


(Ռատիօ Վատիկան) Հայր Ֆարնչեսքօ Փաթթոն նշանակուած է Սուրբ Երկրի նոր պահակ, յաջորդելով Հայր Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլային որ 12 տարիէ ի վեր կը վառեր այդ պաշտօնը։

Հայր Ֆարնչեսքօ Փաթթոնի անուանումը, քահանայապետական սահմանադրութեան օրէնսդրութիւններու հիման վրայ, կատարուեցաւ Կրցեր Եղբայրներու միաբանութեան խորհուրդի կողմէ եւ ապա վաւերացուեցաւ Սուրբ Աթոռի կողմէ։

Հայր Ֆարնչեսքօ Փաթթոն ծնած է Իտալիոյ Թրենթօ թեմի Վիկօ Մէանօ քաղաքին մէջ` 23 դեկտեմբեր 1963-ին։ Կրօնաւորական մշտնջենաւոր ուխտերը կատարած է 4 հոկտեմբեր 1986-ին եւ քահանայ ձեռնադրուած է 26 Մայիս 1989-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.